Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Սահմանած Արգելքները Աստիճանաբար Պիտի Վերացուին Ընտրութիւններէն Յետո․ Պապոյեան

Ռուսաստանի Սահմանած Արգելքները Աստիճանաբար Պիտի Վերացուին Ընտրութիւններէն Յետո․ Պապոյեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ դէպի Ռուսաստան արտահանում իրականացնող ընկերութիւններու նկատմամբ արգելքները աստիճանաբար պիտի հանուին։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է
տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Յունիս 1-ին Երեւանի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ։ Պապոյեանի խօսքով՝ Հայաստանէն ներկրուող որոշ ապրանքներու նկատմամբ Ռուսաստանի արգելքները  տեխնիկական են եւ հասցէատէրը Տնտեսութեան նախարարութիւնը չէ, Սնունդի անվտանգութեան տեսչական մարմինն է։

«Իմ տեղակալը եղել է վերջերս Ասթանայում եւ հանդիպել է ռուսաստանցի գործընկերների հետ, մթնոլորտը շատ դրական է եւ բոլոր կողմերը հակուած են խնդրին լուծում տան, եւ ես կարծում եմ, որ ընտրութիւններից յետոյ շատ արագ այս հարցերին լուծում կը տանք»,- ըսած է Պապոյեան։

Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսաստանի նախագահին` Յունիս 1-ին կայացած հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան, Պապոյեան յայտնած է, որ շատ ջերմ զրոյց եղած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ, եւ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին։

Հայաստանը արտահանում կ’իրականացնէ դէպի Յունաստան, Գերմանիա եւ այլ երկիրներ։ Նախարարը յայտնած է, որ այսօր Տնտեսութեան նախարարութիւնը արտահանման աջակցութեան ծրագրեր ներկայացուցած է դէպի Եւրոպական Միութիւն,
Մերձաւոր Արեւելք՝ ճանապարհային ծախսերու փոխհատուցում, մաքսատուրքի փոխհատուցում, IP-ի հետ կապուած ծախսերու փոխհատուցում։

«Եւրոպական Միութեան արտահանումը կրկնապատկուել է, նպատակ ունենք քառապատկենք, հնգապատկենք մինչեւ տարեվերջ»,- ըսած է Պապոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment