«Դա մեր ինքնիշխան որոշումն է, եւ մենք մեր ինքնիշխան որոշումները
կը կայացնենք»,- Մայիս 28-ին ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսաւ վարչապետ
Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի՝ Եւրասիական Տնտեսական
Միութեան եւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու շուրջ քննարկումներուն։
Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանը երբեք չէ յայտարարած ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու
մտադրութեան մասին։ Միեւնոյն ժամանակ ան յաւելեց, որ մինչեւ այն պահը,
քանի դեռ ԵԱՏՄ անդամակցութիւնն ու Եւրոմիութեան մօտենալու
գործընթացները համատեղելի են, Հայաստանը պիտի շարունակ է յառաջ շարժիլ այդ
ճանապարհով։
«Դա կարող է համատեղել լինի մինչեւ 2030 թիւը, կարող է համատեղել լինի
մինչեւ 2035, 2040 թիւը։ Դա կարող է համատեղել լինի մինչեւ 2026 թուի
Դեկտեմբերը, 2027 թուի Յունիսը, ժամանակը ցոյց կու տայ»,- ըսաւ Փաշինեան։
Ան ընդգծեց, որ որեւէ որոշում պիտի կայացուի բացառապէս Հայաստանի
ինքնիշխան շահերէն մեկնելով։
Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ արտահանման ոլորտին մէջ յառաջացող խնդիրներուն՝
ընդգծելով, որ անոնք նոր չեն եւ նախապէս եւս եղած են։ Անոր խօսքով՝
Հայաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ միայն այն արտադրողներուն, որոնք
կ’աշխատին միջազգային չափաննիշերուն համապատասխան։
«Չափանիշերին համապատասխան արտադրանքի համար աշխարհում կայ եօթը
միլիառանոց շուկայ»,- նշեց Փաշինեան՝ յաւելելով, որ Հայաստանի համար
այսօր բազմաթիւ շուկաներ բաց են, այդ շարքին՝ Եւրոմիութեան երկիրները։
Խօսելով ռուսական կողմէ ստացուած նամակին, որ կը վերաբերի 2013 թուականի
կազային պայմանագրին, Փաշինեան պարզաբանեց, որ վերջին ութ տարուան մէջ
նմանատիպ նամակներ ստացուած են քանի մը անգամ: Փաշինեանի խօսքով՝
Հայաստանը ունի այդ հարցերուն շուրջ աշխատելու փորձ, ձեւաչափեր եւ բանաձեւեր:
«Ես համոզուած եմ, որ այս անգամ էլ լուծումները կը գտնուեն… կառուցողական
երկխօսութեան ճանապարհով»,- ըսաւ Փաշինեան։

