Հակափտածութեան Կոմիտէի բացայայտած ընտրական յանցագործութիւններու վերաբերեալ քննուող քրէական վարոյթով փաստական տուեալներ ստացուած են առ այն, որ արտերկիր աշխատանքի մեկնած ՀՀ շարք մը քաղաքացիներու նկատմամբ ունեցած նիւթական կախուածութիւնը օգտագործելով՝ ՌԴ-ի մէջ առեւտրային գործունէութիւն իրականացնող անձեր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան համակիրի եւ այլ անձերու հետ նախապատրաստած են վերջինները տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ հարկադրելով մասնակցիլ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն եւ քուէարկել իրենց նշած կուսակցութեան օգտին։
ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէն կը յորդորէ բոլոր քաղաքացիներուն, այդ շարքին՝ արտերկրի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, խստօրէն պահպանել ընտրական օրէնսդրութեան պահանջները, բացառել ընտրողներու կամքին վրայ որեւէ անօրինական ներգործութիւն եւ ձեռնպահ մնալ ընտրական գործընթացի բնականոն ընթացքը խաթարող գործողութիւններէն։
Կոմիտէն կը հաւաստիացէ, որ պիտի իրականացնէ բոլոր տեղեկութիւններուն համակողմանի եւ խիստ ստուգում, ինչպէս նաեւ պիտի ձեռնարկէ օրէնքով նախատեսուած բոլոր միջոցները՝ յանցաւոր արարքներու լիարժէք բացայայտումը ապահովելու համար՝ անկախ անոնց կատարման վայրէն եւ ներգրաւուած անձերու շրջանակէն։

