Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի ԵՄ-ին Միանալու Ծրագիրները Յատուկ Դիտարկման Կարիք Ունին․ Երեւանը Պէտք Է Արագ Կողմնորոշուի. Փութին

Հայաստանի ԵՄ-ին Միանալու Ծրագիրները Յատուկ Դիտարկման Կարիք Ունին․ Երեւանը Պէտք Է Արագ Կողմնորոշուի. Փութին

by MassisPost

Փութին կը կարծէ, թէ ճիշդ պիտի ըլլար, որ Երեւանը իր քաղաքացիներուն եւ Ռուսիոյ հանդէպ՝ որպէս տնտեսական գործընկեր, հնարաւորինս շուտ կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ եւ այդ ընէ ԵԱՏՄ-ի մօտակայ գագաթնաժողովին ընթացքին։

ՌԴ ղեկավարը այս մասին ըսած է Մայիս 9-ի իր ելոյթին ընթացքին։

Ան նշած է, թէ Հայաստանի ԵՄ-ին անդամակցելու ծրագիրները կը պահանջեն յատուկ քննարկում, եւ ինք մէկէ աւելի անգամ այս թեման քննարկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

«Օրինակ՝ հանրաքուէի անցկացում․ մեր գործը չէ, բայց ամբողջովին տրամաբանական պիտի ըլլայ հարցնել ՀՀ քաղաքացիներուն։ Այնուհետեւ մենք եզրակացութիւններ պիտի ընենք եւ պիտի ձգտինք մեղմ, խելացի եւ փոխշահաւէտ բաժանումի»,– լրագրողներուն ըսած է Փութին։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանի հետ առեւտուրը, հակառակ նուազումին, տակաւին կը կազմէ զգալի՝ 7 միլիառ տոլար, եւ Հայաստանը մեծ առաւելութիւններ կը ստանայ ԵԱՏՄ-ի ծիրէն ներս։

«Ռուսաստանը պիտի աջակցի ամէն ինչի, որ օգտակար պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին։ Մենք հայ ժողովուրդին հետ ունինք դարերու պատմութիւն ունեցող յատուկ յարաբերութիւններ։ Եթէ այդ անոնց օգուտ բերէ, մենք դէմ պիտի չըլլանք, բայց պիտի նկատի ունենանք որոշ հանգամանքներ»,– ըսած է ՌԴ ղեկավարը՝ նկատի ունենալով ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին ՀՀ քաղաքացիներուն հնարաւոր որոշումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment