Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Փաշինեանը Չվերընտրուի, Խաղաղութեան Համաձայնագրի Նախագծի Ճակատագիրը Պիտի Դառնայ Անորոշ․ Stratfor

Եթէ Փաշինեանը Չվերընտրուի, Խաղաղութեան Համաձայնագրի Նախագծի Ճակատագիրը Պիտի Դառնայ Անորոշ․ Stratfor

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը չափաւոր քայլեր պիտի ձեռնարկեն 2025 թուականի շրջանակային խաղաղութեան համաձայնագրի դրոյթներու իրականացման ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի նուազեցնէ անոնց միջեւ նոր պատերազմի վտանգը, կը գրէ Stratfor վերլուծական կեդրոնը:

Վերլուծական կեդրոնին գնահատմամբ՝ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի կարգաւորումը, հաւանաբար, պիտի ընթանայ զգուշօրէն. կողմերը վստահութիւն պիտի կառուցեն սահմանափակ առեւտրային փոխգործակցութեան, այլ ոչ թէ համապարփակ տնտեսական համարկման միջոցով:

Ներքին քաղաքականութեան մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի բախի հանրային դժգոհութեան սրման, որ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին կատարուող ենթադրեալ զիջումներով եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ լարուած յարաբերութիւններով: Փաշինեանը, հաւանաբար, պիտի յետաձգէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի կայացումը մինչեւ յունիսեան ընտրութիւնները: Եթէ Փաշինեանը չվերընտրուի, խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին ճակատագիրը պիտի դառնայ անորոշ: Սակայն, եթէ ան քուէարկութենէն յետոյ պահպանէ իշխանութիւնը, ապա, ամենայն հաւանականութեամբ, առաջնահերթութիւն պիտի դարձնէ «Թրամփի ուղիի» (TRIPP) իրագործումը, որ ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած համատեղ հռչակագրի կեդրոնական մասն է:

Պաքուն, իր հերթին, պիտի աւարտէ Իրանի տարածքով անցնող Արաքսեան միջանցքի իր հատուածի շինարարութիւնը՝ TRIPP-ին զուգահեռ, միաժամանակ պահպանելով TRIPP-ը որպէս լծակ եւ այլընտրանք, որ Հայաստանը դուրս կը թողէ տարածաշրջանային համարկումէն՝ վերջինիս անհամագործակցութեան պարագային: Ռուսաստանը պիտի փորձէ խոչընդոտել TRIPP-ի զարգացումը, սակայն տարածաշրջանին մէջ անոր տկարացած դիրքը պիտի սահմանափակէ անոր կարողութիւնը զգալիօրէն խոչընդոտելու ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ Պաքուի դէպի Արեւմուտք շրջադարձը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment