Հայաստանը Եւրոմիութեան անդամակցելու դիմումը կրնայ ներկայացնել մէկ ամիսէն, յաջորդ տարի, այդ կախեալ է բազմաթիւ գործօններէ. Deutsche Welle-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստան ընդունած է Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքը:
«Թէ երբ մենք յայտ կը ներկայացնենք, յստակ չեմ կարող ասել։ Դա գուցէ յաջորդ ամիս լինի, գուցէ յաջորդ տարի: Միաժամանակ ինչպէս նշեցի, դա մեր պաշտօնական քաղաքականութիւնն է»,- շեշտած է Միրզոյեան՝ յաւելելով, որ Երեւանն ու Պրիւքսէլը բաւականին սերտօրէն կ’աշխատին:
Արտաքին գործերու նախարարը ըսած է, որ ՀՀ-ն ու ԵՄ-ն բանակցութիւններ կը վարեն քանի մը նոր փաստաթուղթերու շուրջ:
«Մենք տեսնում ենք, որ ՀՀ քաղաքացիները մեզանից պահանջում են աւելի յառաջ գնալ»,- շեշտած է ան:

