ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան մօտաւոր ժամկէտեր կը նշէ, թէ երբ կրնայ տեղի ունենալ հայ – ատրպէյճանական ապաշրջափակումը: Լեհական հանրային հեռուստաալիքին հետ զրոյցին նախարարը մասնագէտներուն յղում կատարած է, թէ երկաթուղիի կառուցման համար անոնք առնուազն երկամեայ ժամկէտ նշած են, բայց Երեւանը, ըստ պաշտօնեային, շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապերը հնարաւորինս շուտ բանալու հարցով:
Միրզոյեան նաեւ հայ-ամերիկեան համընկերութեան ստեղծման մասին ազդարարած է, որ պիտի ըլլայ TRIPP-ով երկաթգիծի շինարարն ու հիմնական գործակատարը։ Այդ ընկերութիւնը պէտք է որոշէ այն երրորդ կողմերը՝ ընկերութիւնները, որոնք պէտք է այնտեղ աշխատին, ծառայութիւններ մատուցեն:
Ի թիւս այլ հարցերու՝ արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձած է ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն հետեւած ռուսական կողմի արձագանգին եւ մամուլի եւ այլ հարթակներու վրայ տարբեր գործիչներու կողմէ ՀՀ հասցէին հնչող տարատեսակ մեկնաբանութիւններուն:
«Գիտէք, խաղաղութեան հաստատման եւ ուաշինկթընեան հռչակագրի կապակցութեամբ պաշտօնական մակարդակով մենք լսեցինք Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաների ողջունող յայտարարութիւնները։ Նոյն պաշտօնական մակարդակում մենք տեսանք նաեւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչների արտայայտած պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու այս փոխկապակցուածութեան նախագծին եւ որոշակի մասնակցութիւն ցուցաբերելու։ Սակայն, իհարկէ, չեմ կարող չնշել, որ գրեթէ ամեն օր ականատես ենք լինում ռուսաստանեան լրատուամիջոցների, երբեմն նաեւ պետական լրատուամիջոցների, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի անդամների, փորձագէտների ու քաղաքական գործիչների կողմից հնչող կոշտ քննադատութեան Հայաստանի կառավարութեան եւ մեր երկրի ներկայիս արտաքին քաղաքականութեան հասցէին»,- ըսած է Միրզոյեան:

