Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութենէն Բացի՝ Որեւէ Ուրիշ Անվտանգութեան Երաշխիք Գոյութիւն Չունի. Փաշինեան

Խաղաղութենէն Բացի՝ Որեւէ Ուրիշ Անվտանգութեան Երաշխիք Գոյութիւն Չունի. Փաշինեան

by MassisPost

«Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն» միջազգային համաժողովին ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսած է խաղաղութեան հայեցակարգին մասին:

«Ես խաղաղութեան ընկերականացման մասին չեմ խօսում, որովհետեւ կարծում եմ՝ Հայաստանի ժողովուրդն է խաղաղութեան հայեցակարգի հեղինակը, այսինքն՝ ես կարիք չունեմ Յովհաննէս Թումանեանին բացատրելու իր ստեղծագործութեան բովանդակութիւնը: Մեր ժողովուրդն է խաղաղութեան օրակարգի հեղինակը: Ապացո՞յց է պէտք ձեզ դրա համար: Ահա եւ ապացոյց՝ ես այստեղ կանգնած եմ որպէս ՀՀ վարչապետ, աւելի մեծ ապացոյց չկայ:

«Ինչո՞ւ եմ այստեղ որպէս ՀՀ վարչապետ: Եթէ քաղաքական վերնախաւի եւ մասամբ մտաւորական վերնախաւի շրջանում հարցում անցկացնենք, բաւականին իւղոտ տոկոս կը ստանաք, որ ես չպէտք է լինեմ ՀՀ վարչապետ, եւ նոյնիսկ սրա համար եղել են ջանքեր, կոչեր, հաւաքներ, հիպրիտներ եւ այսպէս շարունակ»,- նշած է վարչապետը:

Անդրադառնալով հարցին, թէ այդ պարագային ինչի հաշուոյն կայուն է ՀՀ իշխանութիւնը՝ Փաշինեանը կարծիք յայտնած է, թէ պատճառը այն է, որ կառավարող մեծամասնութիւնը քաղաքական կը դարձնէ այն բովանդակութիւնը, որ կը բխի ժողովուրդէն:

«Սա յաջորդ շրջադարձային կէտն է մեր ժողովրդի հազարամեայ պատմութեան ընթացքում, որովհետեւ մեր ժողովրդի հազարամեայ պատմութեան ընթացքում բանաձեւը եղել է հետեւեալը՝ վերնախաւերը ստեղծել են խօսոյթներ եւ պարտադրել են ժողովրդին: Հիմա իրավիճակը բոլորովին ուրիշ է. քաղաքական վերնախաւը, կառավարող մեծամասնութիւնը քաղաքական է դարձնում այն բովանդակութիւնը, որը բխում է ժողովրդից»,- ըսած է Փաշինեան:

«ՀՀ բանակը ՀՀ միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքից դուրս անելիք չունի, խնդիր չունի: Մեր բանակի խնդիրը ՀՀ միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքի պաշտպանութիւնն ապահովելն է: Սա է օրինականութեան ռազմավարութիւնը բանակի դէպքում»:

«Օրինակ՝ նախկինում Հայաստանում զէնքի եւ սպառազինութեան ձեռքբերման մեր շուկաները խիստ սահմանափակ էին, սահմանափակ էին ոչ միայն աշխարհագրութեամբ, այլեւ հասանելիութեամբ: Հիմա մեր շուկաները, ըստ էութեան, անսահմանափակ են»,- նշած է վարչապետը ու միաժամանակ յաւելած, որ այնպէս չէ՝ ՀՀ-ն բոլոր տեսակի սպառազինութիւններէն ունենալու ձգտումներ ունի:

Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ մանրամասնած է, թէ ինչու են սահմանափակումները վերացած են: Ըստ անոր՝ այդ եղած է օրինականութեան ռազմավարութեան պատճառով:

«Որովհետեւ որեւէ երկիր մեզ հետ ռազմատեխնիկական ոլորտում համագործակցութիւն սկսել-չսկսելու հարցը քննարկելիս չունի մտավախութիւն, որ այդ սպառազինութիւնը կարող է օգտագործուել ոչ-օրինական նպատակներով: Որեւէ մէկը չի կարող վիճարկել ՀՀ ինքնիշխան, միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքը պաշտպանելու իրաւունքը. դա անվիճարկելի է, հնարաւոր չէ դա վիճարկել»,- ըսած է ան:

Նիկոլ Փաշինեանի հաւաստմամբ՝ եթէ քու անվտանգութեանդ ապահովման թիւ 1 գործիքը բանակն է, այդ կը նշանակէ՝ չկայ անվտանգութիւն:

«Եթէ մենք ուզում ենք, որ բանակը մեզ պաշտպանի, նախ մենք պիտի պաշտպանենք բանակին, եթէ մենք ուզում ենք՝ զինուորը պաշտպանի մեզ, մենք նախ զինուորին պիտի պաշտպանենք: Եւ այս անվտանգութեան 100 շերտը, որ գոյութիւն ունի բանակից առաջ, զինուորին եւ երկիրը պաշտպանելու համար է»,- յաւելած է վարչապետը:

Ամփոփելով խօսքը՝ Փաշինեան եզրափակած է, որ խաղաղութեան օրակարգը ժողովուրդին կողմէ աւանդուած, յանձնարարուած քաղաքականութիւն է, եւ այդ է պատճառը, որ ընկերականացման կարիք չունի, որովհետեւ դեռ չձեւակերպուած՝ արդէն ընկերականացուած է, բայց սա չի նշանակեր, որ երկխօսութիւն պէտք է տեղի չունենայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment