Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան անդրադարձած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք համաձայնագրին։
Ան նշած է, որ Ուաշինկթընի մէջ կողմերը վերջնական համաձայնագիր չեն ստորագրած, եւ իրենք կ’ակնկալեն, որ համաձայնագիրը կը ստորագրուի 2026-ի առաջին կէսին։
«Երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրը վերջնականապէս կնքուի, մենք արագ կը կարգաւորենք յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ»,- մասնաւորեցուցած է Ֆիտան։

