Իշխանութեան իւրացման նախապատրաստութեան գործով «Սեւ Յովազ» ջոկատի հրամանատար Սերոբ Գասպարեանի խափանման միջոցը փոխարինուած է տնային կալանքով։
Պաշտպանին միջնորդութիւնը բաւարարուած է։
Այս մասին տեղեկացուցած է փաստաբան Ռոման Երիցեանը:
Նշենք, որ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան ձեռնարկած հետախուզական միջոցառումներու բերումով տեղեկութիւններ ստացուած էին խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն կատարելու մասին:
Ըստ իրաւապահներուն՝ ամսական շուրջ 220 հազար ռուպլի վճարի դիմաց Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ եռամսեայ հաւաքներ կատարելու եւ անոր ընթացքին նոր ծանր զինատեսակներուն ծանօթանալու, անոնց կիրառման հմտութիւններ ուսանելու, ապա ՀՀ վերադառնալէ յետոյ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու, ինչպէս նաեւ գիտելիքները այլ անձերու փոխանցելու պատրուակով 2024 թուականի ընթացքին հաւաքագրած են ՀՀ շարք մը քաղաքացիներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բնակիչներ:
Հաւաքագրոած անձեր տարբեր խումբերով մեկնած են Ռուսաստանի Դաշնութեան Տոնի Ռոսթով քաղաք, ապա փոխադրուած են այլ վայր, ուր անցած են նախնական ստուգումներ, այդ շարքին՝ փոլիկրաֆ սարքի միջոցով՝ պարզելու համար անոնց անձնային յատկանիշներն ու քաղաքական հայեացքները, առնչութիւնը ՀՀ իրաւապահ մարմիններուն հետ:
Նախնական ստուգումէ յետոյ յանցաւոր խումբի անդամները հաւաքագրուած անձերը տեղակայած են «Արբատ» անուանումով ռազմակեդրոնին մէջ, որմէ յետոյ անոնց հետ կատարած են վերջիններուս արդէն յայտնի զինատեսակներով փակ տարածքի մէջ՝ շէնքի ներսը, մարտ վարելու պարապմունքներ։
Անոնց յայտնած են, որ վարժանքներուն նպատակը Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադառնալն ու գործող իշխանութիւնը հեռացնելն է՝ հնչեցնելով այդ կերպ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մաքրելու եւ փրկելու կոչեր:
Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Նշուած արարքը կատարելու համար քրէական հետապնդում յարուցուած է 7 անձի նկատմամբ:
Այս գործով անցնող Սերոբ Գասպարեանը կալանաւորուած էր:

