Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ը Ամբողջութեամբ Կը Համընկնի «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» Տեսլականին Հետ». Միրզոյեան

«Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ը Ամբողջութեամբ Կը Համընկնի «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» Տեսլականին Հետ». Միրզոյեան

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Չինաստանի կեդրոնական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ Փեքինի մէջ իր գործընկերոջ՝ նախարար Վան Եիի հետ համատեղ քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը, համաշխարհային քաղաքականութեան առնչուող մօտեցումներու նմանութիւնը, համագործակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ երկկողմ օրակարգը։

Անդրադառնալով Իրան-Իսրայէլ վերջին հակամարտութեան՝ Միրզոյեան նշած է՝ «մենք լրջօրէն մտահոգուած էինք, եւ այժմ տեսնում ենք, որ հրադադար է հաստատուել։ Յոյսով ենք, որ այն կը պահպանուի, եւ բոլոր խնդիրները կը լուծուեն դիւանագիտական ուղիներով, բանակցութիւնների միջոցով»։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է՝ «մենք շահագրգռուած ենք մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատմամբ»

«Որպէս երկիր, որը բախուել է եւ պատերազմի ոչ շատ վաղ անցեալում, վերջին մի քանի տարիների ընթացքում, մենք շահագրգռուած ենք խաղաղութեան հաստատմամբ ոչ միայն մեր սահմաններին, այլեւ միւս տարածաշրջաններում եւ աւելի լայն աշխարհագրութեամբ։ Եւ այս իմաստով, ինչպէս մենք հասկանում ենք, մեր մօտեցումները շատ մօտ են ՉԺՀ մօտեցումներին։ Մենք ունենք խաղաղութեան օրակարգ, որը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնահերթություններից մէկն է։ Մենք բանակցութիւններ ենք վարում Ատրպէյճանի հետ»,- նշած է Միրզոյեան։

Արարատ Միրզոյեան յաւելած է՝ «խաղաղութիւնն այն է, ինչին մենք իսկապէս հաւատում ենք»։

Արձագանգելով Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան՝ Միրզոյեան նշած է, որ ««Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնն ամբողջութեամբ համընկնում է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» տեսլականի հետ»։

«Հիմնականում գաղափարը կայանում է Եւրոպայի եւ Արեւելեան Ասիայի, Փարիզի եւ Փեքինի միջեւ աւելի լաւ կապերի ապահովման մէջ, եւ մենք յստակ տեսնում ենք ապրանքների եւ մարդկանց ազատ եւ հարթ տեղաշարժը Փարիզից դէպի Փեքին, Ֆրանսիայից՝ Հարաւային Կովկասի, Հայաստանի, ապա՝ Կեդրոնական Ասիայի, օրինակ՝ Ղազախստանի միջոցով դէպի Չինաստան»,- ընդգծած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment