Կառավարութիւնը պատրաստ է կնքելու խաղաղութեան պայմանագիրը:
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան:
«Խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, եւ մեր գործողութիւնները պէտք է միտուած լինեն խաղաղութեան վերջնական հաստատմանը»,- նկատեց Գալեան:
Անդրադառնալով Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն՝ նախարարը ըսաւ. «Մենք աշխատում ենք Սահմանադրութեան նոր բնագրի վրայ: Այդ բնագիրը չի լինելու եւ ի բնէ չի կարող լինել գաղտնի, ինչ-որ պահի հանրայնացուելու է, եւ իւրաքանչիւր կէտ, իւրաքանչիւր կանոն քննարկուելու է մեր հասարակութեան ներկայացուցիչների հետ»:
Հարցումին՝ հաշուի առնելով այն նախապայմանները, որ յառաջ կը քաշէ Ատրպէյճանի նախագահը, հնարաւո՞ր է, որ իշխանութիւնը արագացնէ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը, նախարարը պատասխանեց. «Չեմ կարծում, որ հնարաւոր է նոր Սահմանադրութեան բնագիր ունենալ 8-10 ամսից աւելի շուտ»:

