Իրան յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը զսպուածութեան միջոցով կ’անցնին այն ճանապարհը, որ ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման։
Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի։
«Մենք յոյս ունինք, որ երկու կողմերը կը կարենան զսպուածութեան միջոցով անցնիլ այն ճանապարհը, որ պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման։ Իմ կարծիքով՝ մեր տարածաշրջանը չի դիմանար որեւէ լարուածութեան։ Յոյս ունինք, որ բոլոր կողմերը կը պահպանեն այդ սկզբունքները՝ միտուած խաղաղութեան եւ հանգստութեան»,- նշած է Սոպհանի։
Դեսպանը յաւելած է, որ Իրանը կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։
«Մեր զրոյցներուն, քննարկումներուն ժամանակ կողմերուն կոչ կ’ընենք շարժելու խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ։ Իրան պատրաստ է օգնելու, որպէսզի խաղաղութիւնը պահպանուի, որպէսզի հրադադարը չխախտուի, եւ կողմերը կարենան հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման։ Եւ կը կարծեմ, որ այս առումով «3+3»-ը բաւականին լաւ ձեւաչափ է։ Օգտագործելով այդ ձեւաչափը՝ մենք կրնանք շարժիլ դէպի խաղաղութեան հաստատում»,- ընդգծած է Մեհտի Սոպհանի։
Անդրադառնալով շրջանառուող տեղեկութիւններուն, որ Ատրպէյճանը Իսրայէլէն մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն կը ներկրէ՝ դեսպանը ընդգծած է, որ իրենք դէմ են տարածաշրջանի զինման։
«Մենք Ատրպէյճանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք, Ատրպէյճանը մեր հարեւանն է, մենք կ’օգտագործենք այն կապերը, որ ունինք Ատրպէյճանի հետ, ամէն ինչ կ’ընենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի։ Ամէն պարագային մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանային զարգացումներուն»,- եզրափակած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը։

