Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի Համանախագահը Անդրադարձած Են Տարածաշրջանային Նշանակութեան Հարցերու

Փաշինեան Եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի Համանախագահը Անդրադարձած Են Տարածաշրջանային Նշանակութեան Հարցերու

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան պետ, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը:

Քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան հետեւողական զարգացման վերաբերող օրակարգային հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ համատեղ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերուն, այդ շարքին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներու լուծման ՀՀ կառավարութեան իրականացուցած քայլերուն: Միտքեր փոխանակուած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերեալ:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment