Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլեան Հանդիպման Ընթացքին Գաղտնի Օրակարգ Չէ Եղած, Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներուն Մէջ Հրապարակուած Թուղթը Կեղծ Է․ ԱԳՆ Խօսնակ

Պրիւքսէլեան Հանդիպման Ընթացքին Գաղտնի Օրակարգ Չէ Եղած, Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներուն Մէջ Հրապարակուած Թուղթը Կեղծ Է․ ԱԳՆ Խօսնակ

by MassisPost

Երեւանը կը հերքէ տեղեկութիւնները, թէ իբր պրիւքսէլեան հանդիպման ընթացքին յայտարարութիւններէն բացի, նաեւ փաստաթուղթեր ստորագրուած են։

Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը յայտնած է, որ Փաշինեան-վոն տեր Լեյեն-Պլինքըն ապրիլհինգեան հանդիպման ընթացքին գաղտնի օրակարգ չէ եղած։

«Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներում հրապարակուած թուղթը կեղծ է, նման հարցեր պրիւքսէլեան հանդիպման օրակարգում չեն եղել: Պրիւքսէլում քննարկուած հարցերի ամբողջ օրակարգն արտայայտուած է հանդիպումից յետոյ տարածուած համատեղ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: Մամուլի հաղորդագրութեան օրակարգից դուրս նշուած ցանկացած պնդում կեղծ է», – նշած է խօսնակը։

Անի Բադալեանը շեշտած է, որ ՀՀ-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակով հանդիպումը Հայաստանի դիմակայունութեան ու տնտեսութեան բազմազանեցման մասին էր, ինչին շուրջ անտեղի աղմուկ ստեղծուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment