Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԼՂ-ի Մէջ Ատրպէյճանի Վարչակարգի Դաժան Յարձակումը Բացասաբար Ազդած Է Հայաստանի Ժողովրդավարացման Ջանքերուն Վրայ․ Freedom House

ԼՂ-ի Մէջ Ատրպէյճանի Վարչակարգի Դաժան Յարձակումը Բացասաբար Ազդած Է Հայաստանի Ժողովրդավարացման Ջանքերուն Վրայ․ Freedom House

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին մէջ կ’ընդգծուի, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը նախորդ տարիներուն բազմաթիւ բախումներէ յետոյ շարունակած են սպառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան` գրաւելով երկրի տարածքին մէկ մասը։

Այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան հրապարակած՝ Ազգերը անցումային շրջանին մէջ «Տարածաշրջան՝ վերադասաւորուած ինքնավարութեան եւ ժողովրդավարութեան կողմէ» վերտառութեամբ տարեկան զեկոյցին մէջ, որուն մէջ կը գնահատուի Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն 120 հազար հայերու բռնի տեղահանումը կ’անուանէ ցեղային զտում՝ յաւելելով, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական եւ ռազմական յաղթանակները կրնան «մեծցնել անոր ախորժակը» եւ պատրուակ դառնալ տարածքային նոր պահանջներու համար։

Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կ’ընդգծուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական վարչակարգի դաժան յարձակումը, որ ստիպեց այնտեղ ապրող աւելի քան 120 հազար հայերուն փախչիլ, բացասաբար ազդած է Հայաստանի ժողովրդավարացման ջանքերուն վրայ: Կը նշուի, որ անոնք այժմ հիմնական բնակութիւն հաստատած են Հայաստանի մէջ, ուր կառավարութիւնը կը փորձէ լուծել անոնց մարդասիրական կարիքները՝ միաժամանակ պաշտպանելով իր սեփական տարածքը, ամրապնդելով իշխանութիւնը ներքին քննադատութեան պայմաններու մէջ եւ արձագանգելով աւելի լաւ կառավարման պահանջներուն, որ խթանած էր 2018 թ. յեղափոխութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment