Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատմական Հայաստան-Ռուսաստան Յարաբերութիւններէն Անցում Կը Կատարուի Իրական ՀՀ-ՌԴ Յարաբերութիւններու․ Փաշինեան

Պատմական Հայաստան-Ռուսաստան Յարաբերութիւններէն Անցում Կը Կատարուի Իրական ՀՀ-ՌԴ Յարաբերութիւններու․ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ՝ կառավարութեան 2023 թուականի ծրագրի կատարողականը ներկայացնելու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն։

«Յատուկ անդրադարձ եմ ուզում կատարել Հայաստան-Ռուսաստան միջպետական յարաբերութիւններին, որոնք ակնյայտօրէն իրենց լաւագոյն ժամանակները չեն ապրում, բայց որոնց կարեւորութիւնը մեր պետականութեան, ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան ու տնտեսութեան համար դժուար է գերագնահատել:

«Այսօր մենք իսկապէս ՌԴ-ի հետ մեր յարաբերութիւններում ոչ մի սխալ քայլ չենք արել: Չկայ մի տեղ, որտեղ մեր գործընկերները կարող են մեզ մեղադրել մեր պարտաւորութիւնները չկատարելու համար, իսկ հակառակ դէպքերը, ցաւօք, բազմաթիւ են: Մենք չենք ուզում վիճել ՌԴ-ի հետ, ոչ միայն այն պատճառով, որ դրա հնարաւորութիւնը եւ ուժը չունենք, այլ այն պատճառով, որ մենք գնահատում ենք այն ահռելի դրականը, որ եղել է եւ կայ մեր յարաբերութիւնների մէջ»,- նշեց ան:

ՀՀ կառավարութեան ղեկավարին գնահատմամբ՝ պատմական Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններէն անցում կը կատարուի իրական Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն․ «Դա նոյնքան ցաւոտ է, որքան մեր ներքին այլափոխութիւնը՝ պատմական Հայաստանից իրական Հայաստան: Պէտք է ամէն բան անել այդ այլափոխութիւնը դրական պատմութիւններով յագեցնելու համար, եւ մենք ՌԴ-ի հետ նման աշխատանքի պատրաստ ենք: 2018-ին իմ եւ Վլատիմիր Փութինի առաջին հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը հետեւեալն է, որ յարաբերութիւնները յենուելու են միմեանց ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետականութեան, շահերի եւ հետաքրքրութիւնների յարգման վրայ: Ես պատրաստ եմ այսպիսի երկխօսութեան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment