Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Արեւմուտքի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Զարգացումը Չէ Հակադրած, Չի Հակադրեր Եւ Պիտի Չհակադրէ Իրանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն

Հայաստանը Արեւմուտքի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Զարգացումը Չէ Հակադրած, Չի Հակադրեր Եւ Պիտի Չհակադրէ Իրանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն

by MassisPost

Հայաստանը Արեւմուտքի հետ իր յարաբերութիւններու զարգացումը չէ հակադրած, չի հակադրեր եւ պիտի չհակադրէ Իրանի հետ իր յարաբերութիւններուն, եւ Իրանի հետ ունեցած յարաբերութիւններն ալ չի հակադրեր Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն:

Այս մասին ԱԺ-ի մէջ՝ կառավարութեան 2023 թուականի ծրագրի կատարողականը ներկայացնելու ժամանակ յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:

«Տարածաշրջանային քաղաքականութեան առումով ուզում եմ ընդգծել այն առանձնայատուկ կարեւորութիւնը, որ մենք տածում ենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ մեր յարաբերութիւնների նկատմամբ: Պետականութեան հնագոյն աւանդոյթներ ունեցող մեր այս հարեւանի հետ յարաբերութիւնները հիմնուած են բնական շահերի վրայ, ինչն այդ յարաբերութիւնները դարձնում է առանձնայատուկ»,- ըսաւ Փաշինեան:

Ըստ վարչապետին՝ այս բանաձեւը կը վերաբերի տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի ռազմավարական ընկալումներուն ընդհանրապէս:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նկատեց. «Եթէ կարելի է այդպէս ասել, մենք սպասման մէջ էք եւ սպասում ենք ձեռք բերուած եւ պաշտօնապէս արձանագրուած պայմանաւորուածութիւնների իրագործմանը: Այն է՝ երրորդ երկրների քաղաքացիների համար եւ դիւանագիտական անձնագիր կրողների համար Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանի բացում, իսկ ընդհանրապէս Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը դարակազմիկ իրադարձութիւն կը լինի մեր տարածաշրջանի համար: Այստեղ էլ չեմ կարող չանդրադառնալ ընկերա-հոգեբանական մի նրբութեան, շատ կարեւոր է արձանագրել, որ ես հիմա խօսում եմ Հայաստան-Թուրքիա եւ ոչ թէ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների մասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment