Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպայի Խորհուրդը Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Երեւանին Բարեփոխումներու Հարցով

Եւրոպայի Խորհուրդը Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Երեւանին Բարեփոխումներու Հարցով

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը։ Մարիա Պուրիչը հանդիպած է Հայաստանի վարչապետին։ X-ի իր էջով Պուրիչը Փաշինեանի հետ հանդիպման «գերազանց» բնորոշումը տուած է, յայտարարած որ Եւրոպայի Խորհուրդը պիտի շարունակէ աջակցիլ Երեւանին բարեփոխումներու հարցով։

Ըստ կառավարութեան՝ Պեյչինովիչ Պուրիչը այդ հանդիպման ընթացքին ըսած է, որ մարտահրաւէրներով լի ժամանակահատուածին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը արդիւնաւէտ կերպով կեանքի կը կոչէ բարեփոխումները տարբեր ուղղութիւններով:

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն: Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծն ու անոր սկզբունքները: Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը կրնայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի կարեւոր նախադրեալ դառնալ:

Կառավարութենէն կը յայտնեն, որ Փաշինեանն ու Պուրիչը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրները։ Ղարաբաղէն տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայերուն անդրադարձ եղած է նաեւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին։

Պաշտօնական Երեւանը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Եւրոպայի Խորհուրդի միջեւ գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան հարցեր։

Արտաքին գործերու նախարարը եւ ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն: Այս ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստանի յանձնառութիւնն ու ջանքերը՝ նշելով թշնամանքէ զերծ մթնոլորտի ձեւաւորման, առանցքային հարցերու մէջ յստակ յանձնառութեան կարեւորութիւնը։

Անցեալ տարեվերջին Պուրիչը Պաքու այցելած էր, հանդիպած էր Ատրպէյճանի նախագահին ու արտաքին գործերու նախարարին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment