Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ԵՄ-Հայաստան Եռակողմ Հանդիպումը Ատրպէյճանը Մեկուսացնելու Նպատակ Ունի․ Ալիեւ

ԱՄՆ-ԵՄ-Հայաստան Եռակողմ Հանդիպումը Ատրպէյճանը Մեկուսացնելու Նպատակ Ունի․ Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը կարծէ, որ ԱՄՆ-ԵՄ-Հայաստան եռակողմ հանդիպումը ուղղուած է Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան դէմ եւ կը հետապնդէ Ատրպէյճանը մեկուսացնելու նպատակ։

«Արեւմուտքի՝ «Հայաստանը Հարաւային Կովկասին մէջ զինուած ֆորփոսթ դարձնելու» փորձերը ապագային բացասական հետեւանքներու պիտի յանգեցնեն։ Այդ առնչութեամբ մենք յայտարարութիւններ ըրինք՝ զգուշացնելու ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մեր գործընկերները», ըսած է Ատրպէյճանի ղեկավարը։

Ալիեւ յայտարարած է, թէ ներկայիս գործընթացները աշխարհի, այդ շարքին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, կը զարգանան շատ վտանգաւոր ուղղութեամբ, ինչին առնչութեամբ Պաքուն կ’արտայայտէ իր մտահոգութիւնը:

Ան կը կարծէ, թէ Հարաւային Կովկասի համար պատրաստուած ծրագիրը կրնայ ապագային մեծ աղէտի յանգեցնել։

Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ««Ղարաբաղի ազատագրումը» անհանգստացուցած է որոշ ուժերու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment