Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Խաղաղութեան Գործընթացը Հանդիպման Հիմնական Թեման Պիտի Չըլլայ»․ Միլլըր՝ Հայաստան-ԱՄՆ-ԵՄ Հանդիպման Մասին

«Խաղաղութեան Գործընթացը Հանդիպման Հիմնական Թեման Պիտի Չըլլայ»․ Միլլըր՝ Հայաստան-ԱՄՆ-ԵՄ Հանդիպման Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ վարչակազմը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ զերծ մնալու յարձակողական հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, որոնք կրնան յանգեցնել իրավիճակի սրման, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր։

«Մենք կը շարունակենք զգուշանալ հռետորաբանութենէն, որ կրնայ յանգեցնել սահմանին մագլցողութեան եւ ռազմական գործողութիւններու», ըսած է Միլլըր՝ մեկնաբանելով երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային իրավիճակը:

Ան յաւելած է, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար պայմաններ ստեղծելու կոչեր ընել, ուր կը յարգուին բոլորին իրաւունքները։

Միլլըր նաեւ նշած է, որ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Հայաստան-ԱՄՆ-ԵՄ հանդիպման անոնք պիտի քննարկեն «Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանեցման», ինչպէս նաեւ «ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան» ոլորտի բարեփոխումները։

«Խաղաղութեան գործընթացը հանդիպման հիմնական թեման պիտի չըլլայ», պարզաբանած է Մեթիու Միլլըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment