Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Կը Փորձէ Գտնել Պատրուակներ՝ Նոր, Լայնամասշտաբ Պատերազմ Մեկնարկելու Համար. Փաշինեան

Ատրպէյճանը Կը Փորձէ Գտնել Պատրուակներ՝ Նոր, Լայնամասշտաբ Պատերազմ Մեկնարկելու Համար. Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը փորձէ գտնել պատրուակներ՝ տարածաշրջանին մէջ նոր, լայնամասշտաբ պատերազմ մեկնարկելու համար, Արտաշատի մէջ իր կուսակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ասոր կը հետեւի Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութիւնը, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու «բուռն տեղաշարժ կը նկատուի սահմանի տարբեր հատուածներու մէջ», եւ որուն մէջ կը զգուշացնէ, թէ «ռազմական սադրանքի որեւէ փորձ պիտի ճնշուի ատրպէյճանական բանակին կողմէ»։

Մինչ այդ վարչապետը շեշտած է, որ խաղաղութեան ձգտումներու եւ օրակարգի առիթով Հայաստանի իշխանութիւններուն շատ կը հայհոյեն, ապա սուտ որակած է լուրերը, թէ իր ղեկավարած կառավարութիւնը կը պատրաստուի Տաւուշի մարզի 4 գիւղեր յանձնելու Ատրպէյճանին։ Վարչապետը եւս մէկ անգամ յայտնած է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ երբեւէ չեն եղած Կըզըլ Հաճիլի (Ղըզըլհաճիլի), Խէյրիմլի, Աշաղա Ասկիպարա, Բաղանիս Այրում անունով գիւղերը, ընդգծելով, որ Երեւանը յաւակնութիւններ չունի նշուած գիւղերու տարածքներուն վրայ։

«Սա պէտք է շատ յստակ արձանագրել, առաւել եւս այն պայմաններում, երբ մեզ համար ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը փորձում է գտնել, կամ առնուազն մեր գնահատականն է այդպիսին, որ Ատրպէյճանը փորձում է գտնել պատրուակներ, տարածաշրջանում նոր, լայնամասշտաբ պատերազմ մեկնարկելու համար:

«Մեր քաղաքական դիրքորոշումը, ուղերձն այն է, որ Հայաստանն ընդհանրապէս իր միջազգայնօրէն ճանաչուած, ինքնիշխան տարածքից դուրս որեւէ յաւակնութիւն չունի, ներառեալ նշուած՝ Ատրպէյճանի կողմից յիշատակուող գիւղերի տարածքների վրայ, ընդ որում, ուզում եմ իմանաք, որ Կըզըլ Հաճիլի գիւղը 100 տոկոսով գտնւում է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ այսօր», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ անոր՝ շատ կարեւոր է ընդգծել, թէ ուր կը գտնուի Հայաստանի սահմանը։ Վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս այս ուղղութեամբ քայլ կ’ընէ:

Վերջին օրերուն Պաքուն կը քննադատէր Երեւանը պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպման համար։ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան չէր չբացառած, որ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Վոն տեր Լեյեն-Պլինքըն հանդիպումէն առաջ Պաքուն իր յայտարարութեամբ հնարաւոր սադրանքի համար հող կը նախապատրաստէ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment