Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կայուն Հայաստան Կը Նշանակէ Կայուն Հարաւային Կովկաս». Սթանօն՝ ՀՀ-ԱՄՆ-ԵՄ Ապրիլ 5-ին Կայանալիք Եռակողմ Հանդիպման Մասին

«Կայուն Հայաստան Կը Նշանակէ Կայուն Հարաւային Կովկաս». Սթանօն՝ ՀՀ-ԱՄՆ-ԵՄ Ապրիլ 5-ին Կայանալիք Եռակողմ Հանդիպման Մասին

by MassisPost

ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով մամուլի քարտուղար Փիթըր Սթանօն հերքած է Պաքուի պնդումները ԵՄ-ԱՄՆ-Հայաստան եռակողմ հանդիպման վերաբերեալ։ Պատասխանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հարցերուն՝ ան «ոչ-ճշգրիտ» անուանած է Ապրիլ 5-ին կայանալիք հանդիպման բնոյթի մասին տեղեկատուութիւնը։

«Ճիշդ չէ, որ հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ «անվտանգութեան երաշխիքներուն»։ Այն պիտի չշօշափէ այլ հարցեր՝ բացի ԵՄ/ԱՄՆ-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններէն։ Այսինքն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղ բանակցութիւններու հարցեր պիտի չքննարկուելուին։ Հիմնական շեշտը պիտի դրուի Հայաստանի տնտեսութեան կայունութեան եւ այս երկրին հետ երկկողմ համագործակցութեան վրայ», ըսած է ան։ ԵՄ եւ ԱՄՆ կը կիսեն Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կայուն, խաղաղ, անվտանգ եւ բարգաւաճ ապագային աջակցելու յանձնառութիւնը։

«Սա հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ քննարկելու Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացումը՝ անոր տնտեսութիւնը ամրապնդելու նպատակով, հիմնուած ԵՄ-Հայաստան երկկողմ գործընկերութեան վրայ։ Կայուն Հայաստան կը նշանակէ կայուն Հարաւային Կովկաս: Մեր ջանքերը ուղղուած են ոչ թէ ոեւէ մէկուն դէմ, այլ ամբողջ տարածաշրջանին եւ անոր կայունութեան շահերուն», ըսած է Ստթանօն։ Անկէ առաջ Պաքուի բնութագրումները հերքած էր նաեւ պաշտօնական Ուաշինկթընը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment