Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայի Մէջ Կը Կարծեն, Թէ ՀՀ-ի Մէջ 102-րդ Ռազմակայանի Առկայութիւնը Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Միակ Իրական Երաշխիքն Է

Մոսկուայի Մէջ Կը Կարծեն, Թէ ՀՀ-ի Մէջ 102-րդ Ռազմակայանի Առկայութիւնը Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Միակ Իրական Երաշխիքն Է

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ կը կարծեն, թէ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան 102-րդ ռազմակայանի առկայութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան միակ իրական երաշխիքն է։

Այս մասին  յայտնած են Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութենէն՝ մեկնաբանելով ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի գլխաւորած «ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու խորացում. աւելի շատ Եւրոպա Հայաստանի մէջ, աւելի շատ Հայաստան Եւրոպայի մէջ» զեկոյցը։

«Անոնց դուրս բերման փաստարկները վտանգաւոր ամբոխավարութիւն է։ Այսօր մեզ կը ստիպեն վերանայիլ գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան համակարգը։ Անոր դիմաց Արեւմուտքը յստակ ոչինչ կ’առաջարկէ», յաւելած են Ռուսաստանի դիւանագիտական ծառայութենէն։

Յիշեցնենք՝ աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ ՀՀ սահմանապահ զօրքերը նամակով դիմած են Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան սահմանապահ զօրքերուն եւ տեղեկացուցած օդակայանէն զանոնք դուրս բերելու դիրքորոշման մասին։ Վարչապետին խօսքով՝ ժամկէտը նշուած է 2024 թուականի Օգոստոս 1-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment