Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուփա Հաք. «Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Մենք Կ՛ըսենք, Որ Ինքնորոշումը Ճիշդ Է, Կործանումը՝ Սխալ, Ինչո՞ւ Չենք Կրնար ԼՂ-ի Պարագային Կիրառել Նոյն Սկզբունքները»

Ռուփա Հաք. «Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Մենք Կ՛ըսենք, Որ Ինքնորոշումը Ճիշդ Է, Կործանումը՝ Սխալ, Ինչո՞ւ Չենք Կրնար ԼՂ-ի Պարագային Կիրառել Նոյն Սկզբունքները»

by MassisPost

Բրիտանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ռուփա Հաք յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը բարդ է՝ շեշտելով, որ այս տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարական Հայաստանը ունի թշնամական հարեւան՝ ի դէմս Ատրպէյճանի՝ իր յարձակումներով ու հայերու դէմ ցեղային դրդապատճառներով յանցագործություններով:

Պատգամաւորը անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման ու այնտեղ իրականացուցած ցեղային զտման:

Հաք այդ մասին խօսած է Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներուն միջազգային աջակցութիւն» խորագրով քննարկման ընթացքին:

«Տարածաշրջանին մէջ բարդ իրավիճակ է: Մենք այստեղ կը խօսինք եւրոպական մերձաւոր հարեւանի ժողովրդավարութեան մասին, որ թշնամական հարեւան ունի ի դէմս Ատրպէյճանի՝ իր յարձակումներով եւ հայերու դէմ ցեղային դրդապատճառներով յանցագործութիւն ներով: Թիւերը մռայլ են՝ 10 ամիս շարունակ սննդամթերքի, վառելանիւթի եւ ելեկտրուժի ապօրինի շրջափակմամբ եւ 100.000 մարդու հարկադիր տեղահանմամբ: Իմ հետաքրքրութիւնը այս հարցով կու գայ իմ ընտրողներէն: Մենք ունինք կենսունակ եւ զգալի բազմաշերտ հայկական համայնք, ինչ որ կ՛ընդգծէ, որ այս երկիր մըն է, որ երկար տարիներ ենթարկուած է ջարդերու եւ ցեղասպանութիւններու», ըսած է Հաք:

Ան նշած է, որ Փետրուարին այլ պատգամաւորներու հետ այցելած է Հայաստան:

«Այդ այցի ընթացքին հանդիպեցանք վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին, ընդդիմութեան ու իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Սակայն ամենայիշարժանը Ջերմուկ այցելութիւնն էր: Մեր այցելութեան ամենայիշարժան կողմը փախստականներն էին, որոնց մենք տեսանք: Մենք լսեցինք մարդկային տառապանքներու սարսափելի պատմութիւններ, որոնք վառելանիւթի բացակայութեան պատճառով ոտքով փախած էին Հայաստան: Այս երկրին մէջ մեր ձայնը պէտք է աւելի ուժեղ ըլ լայ: Այս պալատին մէջ 2020 թուականին մենք քննար կեցինք Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, բայց մեր թոյլ արձագանգը խիզախեց այդ գործողութիւնները: Սա բոլորովին կանխատեսելի էր տարիներ առաջ», նշած է պատգամաւորը:

Ան քննադատած է Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար: Պատգամաւորը ընդգծած է, որ Միացեալ Թագաւորութեան ամենամօտ դաշնակից ԱՄՆ-ի նախագահը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն ՄԹ կառավարութիւնը անոր որեւէ կերպ չէ արձագանգած: «Այս երկչոտութիւնը կը խրախուսէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները», ըսած է Հաք:

Ան յաւելած է, որ կ՛ուզէ ճնշում գործադրել ՄԹ կառավարութեան վրայ, որպէսզի օգնութիւն տրամադրուի Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտման հետեւանքով ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած անձերու:

«Կրնա՞յ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականների համար «տուներ Ուքրանիոյ համար» տիպի ծրագիրը: Ի վերջոյ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը փափաքի վերադառնալ իր հողը, այն վայրերը, ուր ապրած է հազարամեակներ շարունակ, թէեւ մենք կը տեսնենք Արցախի նման տարածքները քարտէզէն ջնջելու փորձեր: Թէեւ աշխարհի աչքերը կրնան այլ տեղ ըլլալ, մենք պէտք է հետեւողական ըլլանք մեր սկզբունքներուն մէջ: Ուքրանիոյ վերաբերեալ մենք կ՛ըսենք, որ ինքնորոշումը ճիշդ է, իսկ կործանումը սխալ է, ուրեմն ինչո՞ւ չենք կրնար այստեղ հետեւողականորէն կիրառել նոյն սկզբունքները», եզրափակած է Հաք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment