Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Օրակարգը ՀՀ Առաջնայնութիւններու Շարքին Է. ԱԳՆ

Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Օրակարգը ՀՀ Առաջնայնութիւններու Շարքին Է. ԱԳՆ

by MassisPost

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման օրակարգը կը շարունակէ մնալ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնայնութիւններու շարքին: Հայաստանը այս ուղղութեամբ աշխոյժ կը համագործակցի միջազգային գործընկերներու հետ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ-ն` պատասխանելով “Sputnik Արմէնիա”ի գրաւոր հարցումին, թէ գերատեսչութիւնը ինչ կ’ընէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը յառաջ մղելու հարցով։

ԱԳՆ–էն կ’ընդգծեն, որ իւրաքանչիւր տարի Դեկտեմբեր 9-ին` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը (հաստատուած է 2015-ին ՀՀ կողմէ ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովին ներկայացուած բանաձեւով) Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ կը կազմակերպուին շարք մը խորհրդաժողովներ եւ քննարկումներ:

«2023 թուականի Դեկտեմբերի 4-ին` ի կատարումը վերոնշեալ բանաձեւի, Ժընեւում կայացել է միջնստաշրջանային քննարկում նուիրուած Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին պայմանագրի 75-ամեակին, որի ընթացքում քննարկման առարկայ է եղել ատելութեան տարածումը ընկերային լրատուական հարթակներու օգտագործման միջոցով: Միջոցառմանը բացման խօսքով հանդէս է եկել ՀՀ ԱԳ նախարարը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Բացի անկէ, ԱԳՆ–էն յատուկ կ’ընդգծեն, որ ՄԱԿ Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին մէջ երկու տարին մէկ Հայաստանը կը ներկայացնէ «ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը:

Երեւանը նաեւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային համաժողովներու նախաձեռնողն ու կազմակերպիչն է, որ տեղի ունեցած է 2015, 2016, 2018 եւ 2022 թուականներուն։

«2024թ-ին նախատեսւում է անցկացնել «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ համաշխարհային համաժողովը: Ներկայումս մշակւում է երկօրեայ միջոցառման հայեցակարգը», պատասխանած են ԱԳՆ–էն:

Արտաքին գործերու նախարարութիւնը կը վստահեցնէ, որ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական եւ հիւպատոսական մարմինները կը կազմակերպեն եւ կը մասնակցին Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու եւ ոգեկոչման արարողութիւններու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment