Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոմիութենէն Մեկնաբանած Են Հայաստանի Հետ Զօրավարժութիւններ Կայացնելու Մասին Լուրերը

Եւրոմիութենէն Մեկնաբանած Են Հայաստանի Հետ Զօրավարժութիւններ Կայացնելու Մասին Լուրերը

by MassisPost

Հայաստանի հետ համատեղ զօրավարժութիւններ կայացնելու ծրագիր Եւրոմիութիւնը չունի, քանի որ ԵՄ-ն ռազմական դաշինք չէ, այլ քաղաքական եւ տնտեսական արժէքներու կառոյց։

Այս մասին յայտարարած է ԵՄ ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանօն՝ յաւելելով. «Եւրոմիութիւնը չի նախատեսեր նաեւ անդամ երկիրներու տարածքին վերապատրաստել հայ զինուորականներ»։

Խօսելով հայկական բանակին առանց զինամթերքի փոխանցման աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութեան մասին՝ Սթանօ ըսած է, որ այս առնչութեամբ դեռ յստակ որոշում չէ կայացուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment