Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պերլինի Մէջ Մեկնարկած Է Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպումը

Պերլինի Մէջ Մեկնարկած Է Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպումը

by MassisPost

Պերլինի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի ղեկավարած պատուիրակութիւններու հանդիպումը, հաղորդած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ այլ մանրամասնութիւններ չփոխանցելով։

Պաքուն եւս հաղորդած է հանդիպման մեկնարկի մասին։ Աւելի վաղ Ատրպէյճանի Արտաքին գործերի նախարարութիւնը նշած էր, որ Պայրամովը Միրզոյեանի հետ պիտի քննարկէ «խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման երկկողմ համաձայնագրի նախագիծը»։

Գերմանիոյ վարչապետին միջնորդութեամբ Հայաստանի վարչապետին ու Ատրպէյճանի նախագահին միւնխենեան եռակողմ հանդիպումէն յետոյ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման մասին, նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն ըսաւ նաեւ Իլհամ Ալիեւը՝ նշելով, որ յառաջիկային երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում պիտի կայանայ, ինչպէս նաեւ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու նիստ պիտի ըլլայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment