Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Դիրքորոշման Պատճառով Տարածաշրջանային Հաղորդակցութիւններու Բացումը Փակուղիի Մէջ Յայտնուած Է. Մոսկուա

Հայաստանի Դիրքորոշման Պատճառով Տարածաշրջանային Հաղորդակցութիւններու Բացումը Փակուղիի Մէջ Յայտնուած Է. Մոսկուա

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան կը պնդէ, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը փակուղիի մէջ յայտնուած է Հայաստանի դիրքորոշման պատճառով:

Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան նշած է, թէ Ատրպէյճանը չէ հրաժարած Հայաստանի յառաջ քաշած պայմաններէն, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պէտք է ըլլան հաւասարութեան եւ փոխադարձությեան շրջանակներու մէջ՝ ելլելով ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան սկզբունքէն։

«Թեման աւելի վաղ մանրամասն քննարկուած է նաեւ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետերու գլխաւորած աշխատանքային խումբին մէջ։ Ցաւօք, այդ հարցը մտած է փակուղի մեր հայաստանցի գործընկերներու դիրքորոշման պատճառով»», յայտարարած է Զախարովան՝ առանց յստակացնելու, թէ ինչը եղած է հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառը։

Յունուարին Իլհամ Ալիեւը տեղական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ պնած էր՝ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան Ատրպէյճանի քաղաքացիներն ու բեռերը պէտք է անցնին առանց որեւէ ստուգման: Եթէ «Զանգեզուրի միջանցքը» չբացուի, Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ, յայտնած էր Ատրպէյճանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment