Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Պէտք Է Հասկնայ, Որ Մենք Պիտի Չհանդուրժենք Բռնութիւն Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Նկատմամբ. Ֆապիօ Մասիմօ Գասթալտօ

Պաքուն Պէտք Է Հասկնայ, Որ Մենք Պիտի Չհանդուրժենք Բռնութիւն Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Նկատմամբ. Ֆապիօ Մասիմօ Գասթալտօ

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանի՝ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու վերաբերեալ նիստին ելոյթ ունեցած է Եւրոպական Խորհրդարանի իտալացի պատգամաւոր Ֆապիօ Մասիմօ Գասթալտօն:

«Քանի մը ամիս առաջ այստեղ՝ այս պալատին մէջ, մենք հիւրընկալեցինք վարչապետ Փաշինեանը, լսեցինք անոր օրինական դիրքորոշումը՝ երթալ եւրոպական ուղիով: Մենք անոր խոստացանք օգնել, բայց այդ օրուընէ իրականութեան մէջ ոչինչ փոխուած է:

«Մենք պէտք է անկեղծ ըլլանք: Եւրոպական խաղաղութեան այս հաստատութիւնը կը կարեւորէ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան, բայց նաեւ այն կը համարէ ոչ-բաւարար:

«Եթէ կ’ուզենք պատշաճ պաշտպան ըլլալ, պէտք վստահ ըլլանք խաղաղութեան բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Երկկողմ յարաբերութիւններու խնդիր կայ։ Ռազմական ուժը, ինչպիսին Ատրպէյճանն է, յարձակողական է պետութեան մը նկատմամբ, որ խիզախօրէն կը փորձէ մտնել եւրոպական ժողովրդավարական ճամբար: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ զէնքի ուժը գերիշխէ: Պաքուն պէտք է հասկնայ, որ մենք պիտի չհանդուրժենք բռնութիւն Հայաստանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ: Մենք շատ կոշտ պիտի ըլանք անոնք նկատմամբ: Երեւանը պէտք է իմանայ, որ մենք իր կողքին ենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment