Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Դէմ Ապատեղեկատուական Արշաւը Կը Շարունակուի

Հայաստանի Դէմ Ապատեղեկատուական Արշաւը Կը Շարունակուի

by MassisPost

Հայաստանի դէմ իրականացուող ապատեղեկատուական արշաւը կը շարունակուի:

Ֆրանսալեզու Agoravox պլոկերային հարթակի միջոցով տարածուած է կեղծ տեղեկատուութիւն, թէ իբր ՀՀ վարչապետի՝ Փարիզ կատարած այցի ընթացքին համաձայնութիւն կայացած է ֆրանսական կողմին հետ փոխանակուիլ հետախուզական տուեալներով:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնէն յայտնած են, որ նշուած աղբիւրին մէջ անհատները կրնան ազատօրէն արձանագրուիլ եւ հրապարակել իրենց կազմած լուրերը եւ յօդուածները, որոնք որեւէ խմբագրման չեն ենթարկուիր, եւ հետեւաբար աղբիւրը չի կրնար համարուիլ վստահելի։

Մասնաւորապէս յիշատակուած նիւթը հրապարակուած է «S. Lampion» անյայտ հեղինակի անունով, այնուհետեւ այն անմիջապէս տարածուած է X-ի ատրպէյճանական էջերուն մէջ։

«Նշուածէն ակնյայտ է, որ գործ ունինք Հայաստանի դէմ իրականացուող ապատեղեկատուական արշաւի հետ», յայտնած են կեդրոնէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment