Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Յօգուտ Հայաստանի Պիտի Բռնագանձուի Աւելի Քան 2 Միլիառ Դրամը Գերազանցող Գոյք․ ԲԴԽ

Յօգուտ Հայաստանի Պիտի Բռնագանձուի Աւելի Քան 2 Միլիառ Դրամը Գերազանցող Գոյք․ ԲԴԽ

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանին որոշմամբ, ելեւմուտքի նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանին փոխկապակցուած հինգ գործերէն մէկով՝ յօգուտ Հայաստանի պիտի բռնագանձուի աւելի քան 2 միլիառ դրամը գերազանցող գոյք, տկը եղեկացնէ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը (ԲԴԽ)։

Դատարանը հաստատած է Գլխաւոր Դատախազութեան եւ Գագիկ Խաչատրեանի գործով անցնող Գալուստ Լուքաշի Գրիգորեանի միջեւ կնքուած հաշտութեան համաձայնութիւնը, որով Գրիգորեանը անհատոյց Հայաստանի սեփականութեան կը յանձնէ Երեւանի Աւան վարչական շրջանի Աճառեան փողոցին վրայ գտնուող շուրջ 16 հազար քմ մակերեսով հողամասը՝ 2 միլիառ 18 միլիոն 400 հազար դրամ շուկայական արժէքով, ինչ որ կը կազմէ ընդհանուր ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի շուրջ 77 տոկոսը։

Գագիկ Խաչատրեանէն, անոր երկու որդիներէն եւ եղբօր որդիէն ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ եւս չորս գործերու քննութիւնը Հակափտածութեան դատարանին մէջ կը շարունակուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment