Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Պէտք Է Հայաստանին Առաջարկէ Ուղի Դէպի Եւրոպական Ապագայ. Վիոլա Վօն Գրամօն

ԵՄ-ն Պէտք Է Հայաստանին Առաջարկէ Ուղի Դէպի Եւրոպական Ապագայ. Վիոլա Վօն Գրամօն

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանի՝ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու վերաբերեալ նիստին ելոյթ ունեցած է Եւրոպական Խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւոր Վիոլա վօն Գրամոնը:

«ԵՄ պայմանագրի 49-րդ յօդուածին մէջ գրուած է, որ որեւէ եւրոպական երկիր, որ կը յարգէ մեր արժէքները, կրնայ դառնալ ԵՄ անդամ, եւ Հայաստանն ա իրապէս եւրոպական երկիր է՝ իր արժէքներով, մշակոյթով եւ, վստահ եմ՝ ապագայով:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը: Դժբախտաբար, տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի գոյութիւնը երաշխաւորուած չէ: Հայաստանին ետին կանգնած Ռուսաստանը կանաչ լոյս վառեց ցեղային զտման Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Եւրոմիութիւնը պէտք է Հայաստանին առաջարկէ ուղի դէպքի եւրոպական ապագան՝ երաշխաւորելով անվտանգութիւն եւ բարգաւաճում: Սա պիտի ըլլայ պատմական արդարութեան դրսեւորում:

«Այդ հեշտ ճանապարհ չէ, բայց պէտք է ընել առաջին քայլերը: Վիզայի ազատականացում հայերու ազատ ճամբորդութեան համար, տնտեսական խոր ներգրաւում, պէտք է արագացնել անձնական եւ ընկերային կապերը, որոնք պիտի ապահովեն, որ հայերուն յաջորդ սերունդները քաղեն եւրոպական օգուտները:

«Աւելի կարեւոր է, որ մենք հասկցնենք Ատրպէյճանի նախագահին, որ Հայաստանի տարածքին նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն դաժան հետեւանքներ պիտի ունենայ: Մենք թոյլ պիտի չտանք եւս մէկ բռնի յարձակում՝ եւրոպական սահմաններու վերաձեւաւորման համար», նշած է գերմանացի պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment