Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռազմական Աջակցութիւն Ցուցաբերել Հայաստանին, Պատժամիջոցներ Կիրառել Ատրպէյճանի Նկատմամբ

Ռազմական Աջակցութիւն Ցուցաբերել Հայաստանին, Պատժամիջոցներ Կիրառել Ատրպէյճանի Նկատմամբ

Ֆրանսացի Պատգամաւորին Առաջարկը Ընդունուած Է Յանձնաժողովին Կողմէ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն Լորանս Փեթելը X-ի մէջ գրած է․

«Որպէս Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ այսօր առաւօտեան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ներկայացուցած եմ եւրոպական բանաձեւի իմ առաջարկս՝ Ազգային Ժողովին ներկայացնելու համար։ Եւ այն ընդունուած է։ -Դատապարտել ցեղային զտումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, -ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին, որպէսզի կարենայ պաշտպանել իր սահմանները, – Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հետագայ խախտման պարագային պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի նկատմամբ»։

Նկատենք, որ ինչպէս ՀՀ խորհրդանին մէջ, այնպէս ալ Ֆրանսիայի Ազգային Ժողովին մէջ տակաւին պէտք է քննարկուին ԱԺ յանձնաժողովներուն մէջ քննարկուած ու ընդունուած որոշումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment