Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռազմարդիւնաբերութեան Ոլորտի Յառաջընթացը Նախարարութեան Գործունէութեան Առաջնահերթութիւններէն Է. Հայրապետեան

Ռազմարդիւնաբերութեան Ոլորտի Յառաջընթացը Նախարարութեան Գործունէութեան Առաջնահերթութիւններէն Է. Հայրապետեան

by MassisPost

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը երկրորդ հանդիպումը ունեցած է ռազմարդյունաբերութեան ոլորտի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Նախարարը ընդգծած է, որ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացումն ու յառաջընթացը նախարարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն է, կան մարտահրաւէրներ ու խնդիրներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին համատեղ ուժերով։

Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մխիթար Հայրապետեանը լսած է, թէ ինչ ակնկալիքներ ունին ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի ընկերութիւնները նախարարութենէն, ինչ խնդիրներ ու առաջարկներ ունին, նաեւ ինչ մեխանիզմներու կիրառմամբ կը պատկերացնեն ոլորտի զարգացման խթանումն ու յառաջմղումը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ներկայացուած խնդիրներու յաղթահարման շարք մը հնարաւորութիւններ։

Ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման գործին մէջ առանձնակի կարեւորուած է ճարտարապետական կրթութեան ուղղութեամբ նոր ծրագրերու մշակման անհրաժեշտութիւնը, որակեալ անձնակազմի պատրաստումն ու սերնդափոխութեան ապահովումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment