Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութեան Համոզմամբ՝ Խաղաղութեան Օրակարգի Այլընտրանքը Պատերազմի Օրակարգն է

Իշխանութեան Համոզմամբ՝ Խաղաղութեան Օրակարգի Այլընտրանքը Պատերազմի Օրակարգն է

by MassisPost

Իշխանութեան համոզմամբ՝ խաղաղութեան գործընթացը չէ ձախողած, եւ չնայած Ատրպէյճանի նախագահի կոշտ հռետորաբանութեան՝ Հայաստանը պիտի շարունակէ յառաջ շարժիլ խաղաղութեան օրակարգով։ Խորհրդարանին մէջ վարչապետ Փաշինեան յոյս յայտնած էր, որ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններու նպատակը խաղաղութեան գործընթացը դիտաւորեալ փակուղի մտցնելը չէ։

«Անգամ եթէ սա փորձ է Ատրպէյճանի կողմից խաղաղութեան օրակարգը փակուղի տանելու, սա որեւէ կերպ մեզ հետ չի կանգնեցնելու մեր քաղաքականութիւնից, մեր օրակագից, մեր օրակարգը խաղաղութեան օրակարգն է, որը մենք մեր միջազգային գործընկերների հետ փորձում ենք առաջ տանել, որովհետեւ խաղաղութեան օրակարգի, ըստ էութեան, այլընտրանքը պատերազմի օրակարգն է. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատերազմի օրակարգ չունի», Ազգային Ժողովի ճեպազրոյցներու ժամանակ ըսաւ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը:

Իշխանական մէկ այլ պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանն ալ, չբացառելով, որ Պաքուն կրնայ պատերազմի օրակարգ ունենալ, շեշտեց, որ այս գործընթացին մէջ պէտք է հասկնալ, թէ որն է Հայաստանի շահը։

«Ալիեւը, ի հարկէ, կարող է ունենալ պատերազմի օրակարգ, կարող է ունենալ նախընտրական շրջանում այսպէս ասած՝ աքլորանալու օրակարգ», նշեց ան։

«Ազատութեան» հարցումին՝ առայժմ ձախողած չի՞ համարեր խաղաղութեան օրակարգը, պատասխանեց. «Ես ոչ միայն առայժմ, այլ նաեւ ես չեմ կարծում, որ որեւէ փուլում այդ օրակարգը մենք պէտք է համարենք ձախողուած, մենք պէտք է շարունակենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը»։

Արձագանգելով «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն՝ վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ վերահաստատեց, որ պատրաստ են Ատրպէյճանին ճանապարհ տրամադրելու այն նոյն պայմաններով, ինչ որ Իրանը անցում կու տայ Ատրպէյճանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment