Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամուլսարի Հանքը Շահագործող Ընկերութեան 12,5 Տոկոս Բաժնետոմսը Պիտի Անցնի Հայաստանի Կառավարութեան

Ամուլսարի Հանքը Շահագործող Ընկերութեան 12,5 Տոկոս Բաժնետոմսը Պիտի Անցնի Հայաստանի Կառավարութեան

by MassisPost

Ամուլսարի հանքավայրը շահագործող «Լիդիան Արմէնիա» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը Հայաստանի կառավարութեան նուիրաբերած է իր բաժնետոմսերուն 12,5 տոկոսը։ Կառավարութեան Յունուար 18-ի նիստին համապատասխան նախագիծը ներկայացուց տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Անի Իսպիրեանը։

Ան յիշեցուց, որ 2023 թուականին կառավարութեան, Եւրասիական զարգացման դրամատան եւ «Լիդիան Արմէնիա» փակ բաժնետիրական ընկերութեան միջեւ կնքուած է փոխըմբռնման յուշագիր։ Յուշագրով նախատեսուած է դիտարկել Ամուլսարի հանքավայրի նախապատրաստական, շինարարական եւ հետագայ շահագործման աշխատանքներու շարունակման հնարաւորութիւնը։

«Ծրագրի արդիւնաւէտ իրագործման համար «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութիւնը պարտաւորուած է ապահովել առնուազն 250 միլիոն տոլարի չափով ներդրումներ։ Շինարարութեան ընթացքում «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութիւնը պարտաւորուել է վճարուող բնապահպանական հարկից ազդակիր համայնքներին բնապահպանական ծրագրերի իրականացման համար մասհանումներից բացի տրամադրել նաեւ 7 միլիոն տոլարի չափով տարեկան ֆինանսական աջակցութիւն իւրաքանչիւր 12 ամեայ ժամանակահատուածի համար։

«Յուշագրի շրջանակներում ընկերութիւնը պարտաւորուել է նաեւ կառավարութեանը նուիրատուութեամբ տրամադրել «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան կանոնադրական դրամատլուխի 12,5 տոկոս բաժնետոմսերը։ Նախագծով առաջարկւում է ընդունել յուշագրից բխող բաժնետոմսերի նուիրատուութիւնը», ըսաւ Իսպիրեան։

Միաժամանակ, նախագիծով կը նախատեսուի բաժնետոմսերու կառավարման լիազօրութիւնը վերապահել Տնտեսութեան նախարարութեան, եւ նշեալ նուիրատուութիւնը ընդունելու համար Տնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի կնքէ համապատասխան պայմանագիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment