երեւանի Սարեան 22 հասցէին վրայ («Հայփոստ»-ի շէնք) տրուած է «Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոն Երեւան» նախագիծի գործնական մեկնարկը, որու շրջանակին մէջ պիտի կառուցուի քաղաքին ամենաբարձր շէնքը։
Նախագիծի շրջանակին մէջ կառավարման պայմանագիր ստորագրուած է «Հայաթ Հոթելս Քորփորեյշն»-ի հետ։ Միացեալ Թագաւորութեան արտահանման ֆինանսաւորման պետական գործակալութեան հետ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր՝ ծրագրի մասնակի ֆինանսաւորման նպատակով։
Պետութիւն-մասնաւոր այս նախագիծին ընդհանուր ներդրումը կը կազմէ 470 միլիոն տոլար։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ ճարտարապետական այս նախագիծի իրականացման շնորհիւ նախատեսուող շէնքը միշտ արդիական պիտի ըլլայ Երեւանի համար եւ պիտի նպաստէ քաղաքի ինքնութեան ձեւակերպման: «Նման շէնքերը, կառոյցները, նախագծերը չեն իրականացւում 1-5 տասնամեակի համար: Սրանք նախագծեր են, որոնք ի սկզբանէ ենթադրում են ունենալ 100-ամեակների պատմութիւն։ Սա շատ կարեւոր խորհրդանիշ է եւ այն առումով, որ մենք պէտք է, նաեւ պատմութեան առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով, մեր առաջ մեծ ու երկար տեսադաշտեր բացենք»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան՝ յաւելելով, որ քաղաքական եւ պետական գաղափարախօսութիւնը եւ գաղափարաբանութիւնը անոր մէջ է, որ ծրագրաւորումը պէտք է ունենայ հարիւրամեայ հեռանկար, եւ այս բանաձեւին վրայ հիմնուած է Հայաստանի յարատեւ պետութեան գաղափարը եւ գաղափարախօսութունը։
Միջոցառման շրջանակին մէջ ստորագրուած է կառավարման պայմանագիր «Հայաթ Հոթելս Քորփորեյշն»-ի հետ։ Համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան արտահանման ֆինանսաւորման պետական գործակալութեան (UK Export Finance) հետ՝ «Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոն Երեւան» նախագիծի մասնակի ֆինանսաւորման նպատակով։
Կառավարութեան 2023-ի որոշմամբ հաւանութեան արժանացած է Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոն (World Trade Center (WTC)) կառուցելու քաղաքաշինական կառուցապատման ծրագիրը։ WTC Երեւանի բաժնետէրեր են Հայաստանի
Հանրապետութիւնը (19%), «Ռենշին» ընկերութիւնը (56%) եւ «Հայփոստ» ընկերութիւնը (25%): Այն պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան խոշորագոյն նախագիծ է Հայաստանի մէջ. ընդհանուր ներդրումը 470 միլիոն տոլար է։ «Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոն Երեւան»-ը կապուղի է հայաստանեան առեւտուրի եւ միջազգային ընկերութիւններուն միջեւ։ Այն նպատակ ունի Հայաստանը դիրքաւորել որպէս տարածաշրջանային առեւտրային հանգոյց եւ նպաստել միջազգային առեւտրային կապերու


