Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Կասկածելի Խաղերը

Պաքուի Կասկածելի Խաղերը

by MassisPost

Երկար ամիսներէ ի վեր Երեւան եւ Պաքու կը փոխանակեն խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իրենց առաջարկները: Փաստաթուղթերու փոխանակումը առայժմ կը մնայ միակ ձեւը` վերջնական համաձյանութեան հասնելու ճանապարհին: Ատրպէյճանական կողմի առարկութիւններուն պատճառաւ առկախուած են պրիւքսէլեան եւ ուաշինկթընեան բանակցութիւնները, փոխարէնը Պաքու կþառաջարկէ սահմանի վրայ երկկողմ բանակցութիւններու ձեւաչափը, որ ըստ երեւոյթին, անընդունելի է հայկական կողմին համար:  Երեւան կը նախընտրէ միջազգային կառոյցներու երաշխաւորութիւնը` գոյանալիք որեւէ համաձայնութեան շուրջ:

Ատրպէյճանական կողմի հերթական առաջարկները եւ Իլհամ Ալիեւի վերջին օրերու յայտարարութիւնները եկան յուսախաբութիւն եւ կասկած յառաջացնելու Պաքուի իսկական նպատակներուն շուրջ:

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ նկատելի է  որոշակի հետընթաց հակառակ կողմի առաջարկներուն մէջ: Փաշինեան աւելի յստակ արձագանգեց Ալիեւի վերջին օրերու խօսքերուն, ըսելով թէ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները լրջագոյն հարուած են խաղաղութեան գործընթացին:

Ալիեւ  իր ելոյթին մէջ դարձեալ սկսած է յիշեցնել Նախիջեւանը բուն Ատրպէյճանին կապող «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, որ առաջին անգամ հրապարակ նետուեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Նման խօսակցութիւնները նկատելով կարմիր գիծ երկրի ինքնիշխանութեան հանդէպ« Երեւան առաջին օրէն իսկ մերժեց նման միջանցքի տրամադրումը: Այս պարագան վերջին երեք տարիներուն անցաւ մի քանի հանգրուաններէ: Ատրպէյճան նախ կը սպառնար զէնքի ուժով հասնիլ իր պահանջներուն եւ 2022-ի Սեպտեմբերին Ազերի բանակը փորձեց պատերազմի միջոցաւ պարտադրել միջանցքի ծրագիրը, սակայն բախելով Հայաստանի զինուած ուժերու դիմադրութեան, չկարողացաւ հասնիլ  իր նպատակին: Հետագային Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները սկսան յայտարարել, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» կորսնցուցած է իրենց համար հետաքրքրութիւնը, քանի որ Իրանի հետ գոյացած է համաձայնութիւն` Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող ճանապարհին շուրջ:

Այժմ, Պաքու դարձեալ սկսած է խօսիլ «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին յայտարարելով թէ, այդ միջանցքը պէտք է անարգել երթեւեկութիւն ապահովէ իր քաղաքացիներուն համար, այլապէս Հայաստանի հետ սահմանը չի կրնար բացուիլ որեւէ այլ կէտի վրայ:  Այսինքն, Հայաստան պիտի շարունակէ մնալ շրջափակուած, բնականաբար նոյնը պիտի ընէ նաեւ Թուրքիան, անտեսելով Հայաստան-Թուրքիա  բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած մասնակի համաձայնութիւնները: Ալիեւ կը շարունակէ պնդել, որ «միջանցքը» նախատեսուած է 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած  եռակողմ յայտարարութեամբ: Այս կապակցութեամբ Փաշինեան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը երբ խախտեցին համաձայնութեան Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող բաժինները, փաստաթուղթը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ:

Այս հանգրուանին Հայաստանի առջեւ կայ մէկ խնդիր, այդ ալ բանակի հզօրացումը եւ թշնամիին հետ ռազմական հաւասարակշռութեան հաստատումն է:  Այդ ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր են Հնդկաստանէն, Ֆրանսայէն ու շարք մը այլ երկիրներէն նոր զինատեսակներու ապահովումը: Վերջին օրերուն յայտնի դարձաւ նաեւ, որ Ռուսաստան սկսած է մատակարարել որոշ քանակութեամբ զինատեսակներ, որոնք Հայաստան կը պահանջէր երկար ժամանակէ ի վեր:

«Զանգեզուրի միջանցքի» հարցը բարձրացնելով ու հայկական այլ տարածքներու մասին խօսելով Ալիեւ եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ խաղաղութեան հաստատման հետ կապուած Հայաստանի իշխանութիւններու չափազանց լաւատեսութիւնը  իրատեսական չէ ու այսուհետեւ թերահաւատութեամբ պէտք է մօտենալ Պաքուէն հնչող բոլոր տեսակի յայտարարութիւններուն ու խոստումներուն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment