Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոփիրքին. Հայաստանի Արտաքին Քաղաքական Սլաքը Շատ Լրջօրէն Կը Ճշգրտուի, Կը Վերաձեւակերպուի

Քոփիրքին. Հայաստանի Արտաքին Քաղաքական Սլաքը Շատ Լրջօրէն Կը Ճշգրտուի, Կը Վերաձեւակերպուի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ զրոյցին ըսած է, որ չնայած վարչապետ Փաշինեանի հաւաստիացումներուն՝ կը տեսնեն, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքական սլաքը շատ լրջօրէն կը ճշգրտուի, կը վերաձեւակերպուի։

«Մեզի կ’անհանգստացնէ, որ այն, ինչ մենք կ’անուանենք հաւաքական Արեւմուտք՝ ԱՄՆ, Եւրոպա, այս պահուն, ցաւօք սրտի, Ռուսաստանը հռչակած են իրենց ռազմավարական հակառակորդ կամ նոյնիսկ թշնամի։ Մենք քաղաքականութիւնը կը դիտարկենք՝ կա՛մ մեր հետ, կա՛մ մեր դէմ։ Եւ այս իրավիճակին մէջ մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ Արեւմուտքի նպատակները դասաւորուած են այնպէս, որ պայքար մղուի նոյն ինքն Ռուսաստանի դէմ», յայտնած է Ռուսիոյ դեսպանը:

Այս առումով, ըստ Քոփիրքինի, «այդ անհանգստութիւնը Ռուսաստանի կողմէ, կարելի է ըսել, կը հիմնաւորուի, բացատրելի է»:

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը նախօրէին յայտնած էր, որ Երեւանը կը փորձէ վերաձեւակերպել իր արտաքին քաղաքականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment