Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բռնապետները Երբեք Չեն Սիրած Ժողովրդավարութիւն․ Ֆրանսան Չի Գներ Ատրպէյճանական Կազ Եւ Կ’օգնէ Հայաստանին Պաշտպանուելու․ Ֆրանսացի Պատգամաւոր

Բռնապետները Երբեք Չեն Սիրած Ժողովրդավարութիւն․ Ֆրանսան Չի Գներ Ատրպէյճանական Կազ Եւ Կ’օգնէ Հայաստանին Պաշտպանուելու․ Ֆրանսացի Պատգամաւոր

by MassisPost

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն Լորանս Փեթելը X-ի իր էջով գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով Պաքուի կողմէ ֆրանսացի դիւանագէտները «անցանկալի անձ» հռչակելուն։

«Ակնյայտ է, որ ֆրանսայի աջակցությունը Հայաստանին, որուն ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակած են, չի գոհացներ Ալիեւին։ Բռնապետները, բացի կազ վաճառելէ, երբեք չեն սիրած ժողովրդավարութիւն։ Ֆրանսան չի գներ ատրպէյճնական կազ եւ կ’օգնէ Հայաստանին պաշտպանուելու։ Եւ այդ մեր հպարտութիւնն է», գրած է Անն Լորանս Փեթելը՝ գրառման կցելով Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի պատասխանը պաշտօնական Պաքուին՝ Ատրպէյճանի դեսպանութեան երկու աշխատակից «անցանկալի անձ» հռչակելու մասին յայտարարութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Պաքուն Դեկտեմբեր 26-ին Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակից «անցանկալի անձ» հռչակեց, Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պոյոնը կանչուեցաւ ԱԳՆ։ Պաքուն դիւանագէտներուն անունները, ինչպէս նաեւ որոշման պատճառներուն մասին չէր հաղորդած, 48 ժամ տուած էր անոնց՝ երկիրը լքելու համար։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները տեւական ժամանակէ կոշտ մեղադրանքներ կը հնչեցնեն Ֆրանսայի իշխանութիւններու հասցէին, այդ շարքին՝ Հայաստանի հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն պատճառով։

Ի պատասպան Պաքուի՝ Փարիզը Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան երկու աշխատակից «անցանկալի անձ» հռչակած էր։ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը կանչուած էր Արտաքին գործերու նախարարութիւն, անոր բողոքագիր փոխանցուած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment