Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Այնքան «Կը Փափաքի» Խաղաղութիւն Կովկասի Մէջ, Որ Բանաձեւ Ընդունած Է՝ Կոչ Ընելով Ատրպէյճանցիները Վերադարձնելու «Արեւմտեան Ատրպէյճան»

Ատրպէյճանը Այնքան «Կը Փափաքի» Խաղաղութիւն Կովկասի Մէջ, Որ Բանաձեւ Ընդունած Է՝ Կոչ Ընելով Ատրպէյճանցիները Վերադարձնելու «Արեւմտեան Ատրպէյճան»

Ըսել Է Թէ՝ Սիւնիք, Այսինքն՝ Հայաստան․ «Le Figaro» Պարբերականի Փոխտնօրէն Պուիսոն

by MassisPost

Ֆանսական «Le Figaro» պարբերականի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոնը X-ի իր էջով գրած է․

«Ատպէյճանը այնքան կը փափաքի խաղաղութիւն Կովկասի մէջ, որ անորխորհրդարանը՝ Միլի Մեճլիսը, որ կը վերահսկուի նախագահ Ալիեւի կուսակցութեան կողմէ, բանաձեւ ընդունած է՝ կոչ ընելով ատրպէյճանցիները վերադարձնել «Արեւմտեան Ատրպէյճան», ըսել է թէ՝ Սիւնիք, այսինքն՝ Հայաստան»։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Միլի Մեճլիսը յայտարարութիւն ընդունած էր, այսպէս կոչուած, արեւմտեան ատրպէյճանցիները Հայաստան վերադարձնելու վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ, որն ընթերցած է «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքի նախագահ, պատգամաւոր Ազիզ Ալեքպերլին, կ’ըսուի, որ ատրպէյճանցիները, իբրեւ թէ, դարեր շարունակ ապրած են ներկայիս Հայաստանի տարածքին եւ ենթարկուած են հալածանքներու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment