Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Երեւանին Արտաքին Գործերու Նախարարներու Երկկողմ Հանդիպում Առաջարկած Է Սահմանին. Պայրամով

Պաքուն Երեւանին Արտաքին Գործերու Նախարարներու Երկկողմ Հանդիպում Առաջարկած Է Սահմանին. Պայրամով

by MassisPost

Պաքուն Երեւանին առաջարկած է երկու երկիրներու սահմանին արտաքին գործերու նախարարներու երկկողմ հանդիպում անցընել, ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովները արդէն երկու անգամ բանակցութիւններ վարած են սահմանին։

Սահմանին արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում անցընելու առաջարկին վերաբերեալ հայկական կողմի պատասխանին, ինչպէս նաեւ հնարաւոր հանդիպման ժամկէտներուն մասին Պայրամով մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։

Պաշտօնական Երեւանը դեռ չէ արձագանգած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment