Քննչական Կոմիտէի վերջին տուեալով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պենզինի պահեստի պայթումին հետեւանքով զոհուած է 218, վիրաւորուած՝ 120 քաղաքացի: Այդ մասին «Առաջին ալիքին» յայտնած են Քննչական Կոմիտէէն։
ՔԿ-ն մանրամասնած է, որ պայթումը տեղի ունեցած է փակ տարածքի մէջ, ուր եղած է 42 հազար լիթր բենզին: Պայթումին պատճառը պարզելու համար քննութիւնը կը շարունակուի:
21 քաղաքացի անհետ կորսուած կը համարուի, իսկ զոհուած քաղաքացիներէն երեքին ինքնութիւնը դեռ չէ պարզուած։
Յիշեցնենք՝ Սեպտեմբեր 25-ին Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի յարակից տարածքին՝ պենզինի պահեստին մէջ, ուժեղ պայթում տեղի ունեցած էր։