Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուս-Հայկական Դաշնակցութիւնը Փորձութեան Կ’ենթարկուի. Լաւրով

Ռուս-Հայկական Դաշնակցութիւնը Փորձութեան Կ’ենթարկուի. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի դաշնակցային կապերու ամրութիւնը քննութենէ կ’անցնի, քանի որ Արեւմուտքը կը փորձէ խաթարել երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները, ըսուած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի ուղերձին մէջ:

Այդ ուղերձով ան Դեկտեմբեր 15- ին դիմած է «Հանրային դիւանագիտութեան դերն ու տեղը Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ» նշանաբանով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին:

Ուղերձը միջոցառման մասնակիցներուն համար նախարարին անունով ընթերցած է անոր տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը:

«Այսօր Մոսկուայի եւ Երեւանի դաշնակցային կապերը փորձութեան կ’ենթարկուին, Արեւմուտքը կը ցանկայ սեպ խրել մեր եղբայրական ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն մէջ», ըսած է Լաւրով։

Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան ղեկավարը նաեւ համոզմունք յայտնած է, որ «քննարկումներու բերումով պիտի մշակուին յստակ առաջարկութիւններ եւ պիտի հաստատուին փոխադարձ օգտակար շփումներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment