Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայի Մէջ Գումարուած Է ԱՊՀ Կառավարութիւններու Ղեկավարներու Նիստը

Մոսկուայի Մէջ Գումարուած Է ԱՊՀ Կառավարութիւններու Ղեկավարներու Նիստը

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը։

ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ վերջին միջոցառումներուն չմասնակցող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այս հաւաքին ալ ներկայ չէ եղած: Անոր փոխարէն Հայաստանէն Մոսկուա մեկնած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը:

Ատրպէյճանը ներկայացուցած է վարչապետ Ալի Ասատովը, որ 16 Դեկտեմբերէն աշխատանքային այցով կը գտնուի Ռուսաստան:

ԱՊՀ կառավարութիւններու ղեկավարներու նիստը գումարուած է Ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու ցուցահանդէսի համալիրին մէջ:

Հաւաքէն առաջ ԱՊՀ կառավարութիւններու պատուիրակները ծանօթացած են «Ռոսիա» միջազգային ցուցահանդէսին։

Աւարտին մօտեցող տարուան մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան նախագահող երկիրը Ղրղըզստանն է, 2024-էն նախագահութիւնը պիտի փոխանցուի Ռուսաստանի Դաշնութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment