Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Կ’ողջունէ Թուրքիոյ Դերը Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործին Մէջ. Պետական Քարտուղարութիւն

ԱՄՆ Կ’ողջունէ Թուրքիոյ Դերը Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործին Մէջ. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ կ’ողջունէ Թուրքիոյ «արդիւնաւէտ դերը» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ Ճեպազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլլըր՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանի՝ Ատրպէյճանի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները։

Դեկտեմբեր 14-ին Պաքուի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնած է, որ Անգարան կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։

Ինչպէս նշած է Միլլըր, Ուաշինկթընը, ինչպէս Անգարան, կ’աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններուն՝ հաստատելու համար խաղաղութիւն։

Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Հաքան Ֆիտանի վերջին բանակցութիւններուն, ապա այս թեման, ամերիկացի դիւանագէտին խօսքով, քննարկուած է։

Աւելին, ինչպէս նշած է Միլլըր, այդ հարցը պարբերաբար կը դիտարկուի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն կողմէ։ Ան, սակայն, չէ յայտնած քննարկման մանրամասնութիւնները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment