Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ժողովուրդը Նոյնպէս Ունի Եւրոպական Ձգտումներ․ Միրզոյեանը՝ Պրիւքսէլի Մէջ

Հայաստանի Ժողովուրդը Նոյնպէս Ունի Եւրոպական Ձգտումներ․ Միրզոյեանը՝ Պրիւքսէլի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանը յստակ որոշում կայացուցած է ընտրել ժողովրդավարացման եւ բարեփոխումներու անշրջելի ուղին, Պրիւքսէլի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպման ընթացքին, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Չնայած վերջին տարիներուն Հայաստանի առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներուն՝ ժողովրդավարացման գործընթացը եւ բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգի իրականացումը Հայաստանի մէջ որեւէ վայրկեան կանգ չէ առած, ըսած է Միրզոյեան՝ շեշտելով, որ Հայաստանը վճռական է շարունակելու այս ուղին Եւրոպական Միութեան զգալի աջակցութեամբ:

«Մեր վճռականութեան վերջին դրսեւորումը Հայաստանում Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումն էր: Միանալով Արդարադատութեան միջազգային դատարանին՝ Հայաստանն իր ներդրումը ունեցած է միջազգային իրաւակարգի ամրապնդման՝ միեւնոյն ժամանակ վերահաստատելով սեփական ազգային շահերէն բխող որոշումներ կայացնելու ինքնիշխան իրաւունքը», ըսած է Միրզոյեան:

Երեւանը կ’ողջունէ Եւրոպական Յանձնաժողովի որոշումը՝ առաջարկել Եւրոպական Խորհուրդին սկսիլ անդամակցութեան բանակցութիւններ Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ հետ եւ Վրաստանին շնորհել թեկնածուի կարգավիճակ, յայտնած է արտաքին գործերու նախարարը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս ունի եւրոպական ձգտումներ:

«Մենք յանձնառու ենք ոչ միայն շարունակել այս ճանապարհը, այլեւ այնքան մօտենալ Եւրոպական Միութեանը, որքանով Եւրոպական Միութիւնը դա հնարաւոր կը համարի», ըսած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

«Հայաստանն ունի տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կառուցելու քաղաքական կամք»

Հայաստանի կառավարութիւնը ունի տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կառուցելու քաղաքական կամք, ըսած է Միրզոյեան՝ ընդգծելով, որ Երեւանը պատրաստ է յառաջ շարժելու այս ուղղութեամբ՝ հիմնուելով Կրանատայի մէջ ընդունուած սկզբունքներուն վրայ՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում, սահմաններու փոխադարձ ճանաչում, հաղորդակցութիւններու, ճանապարհային ենթակառուցուածքներու բացում։

«Բազմաթիւ առիթներով մենք ցոյց ենք տուել մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը մեր հարեւանների հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման միջոցով տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել տարածաշրջանում, որտեղ բոլոր երկրները կ’ապրեն բաց սահմաններով եւ կապուած կը լինեն աշխոյժ տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կապերով», ըսած է Միրզոյեան՝ նշելով Հայաստանի ապագայի տեսլականը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ որպէս խաղաղութեան օրակարգի մաս:

«Այս ծրագրի հիմքում ընկած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների զարգացումը՝ ճանապարհների, երկաթուղիների, խողովակաշարերի, մալուխների եւ ելեկտրական գծերի վերանորոգման, կառուցման եւ շահագործման միջոցով: Աւելին, Ատրպէյճանի հետ վերջերս ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը գերիների ու պահվող անձանց փոխանակման եւ COP29 համաժողովի վերաբերեալ Հայաստանի համաձայնութիւնը Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու մեր վճռականութեան եւս մէկ դրսեւորում է», ըսած է Միրզոյեան՝ յոյս յայտնելով, որ այս դրական ազդակէն յետոյ Ատրպէյճանը հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան գործընթացին։

Աղբիւր՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment