Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Ընդունած Է Amazon Web Services Ընկերութեան Տարածաշրջանային Երկիրներու Հանրային Քաղաքականութեան Հարցով Ղեկավարը

Փաշինեան Ընդունած Է Amazon Web Services Ընկերութեան Տարածաշրջանային Երկիրներու Հանրային Քաղաքականութեան Հարցով Ղեկավարը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Amazon web services ընկերութեան տարածաշրջանային երկիրներու հանրային քաղաքականութեան հարցով ղեկավար Ֆրանքօ Սփիչիարելին:

Վարչապետը կարեւորած է Amazon ընկերութեան հետ համագործակցութիւնը եւ նշած, որ արհեստագիտական ոլորտի զարգացումը ՀՀ կառավարութեան համար ունի առաջնահերթ նշանակութիւն: Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ Amazon-ի հետ փոխգործակցութիւնն ու աշխոյժ երկխօսութիւնը կը նպաստէ համատեղ ծրագրերու իրականացման:

Ֆրանքօ Սփիչիարելին ընդգծած է Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնն ու յաւելած է, որ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան հետ աշխոյժ քննարկումներու փուլի մէջ են:

Մասնաւորապէս, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է թուայնացման ոլորտին մէջ ծրագրերու իրականացման ու այդ ուղղութեամբ յառաջիկային նախատեսուող համատեղ աշխատանքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment