Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ֆրանսան Յաղթեց «Մանկական Եւրոտեսիլ 2023» Երգի Մրցոյթին. Հայաստանը Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Ֆրանսան Յաղթեց «Մանկական Եւրոտեսիլ 2023» Երգի Մրցոյթին. Հայաստանը Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

by MassisPost

«Մանկական Եւրատեսիլ 2023» երգի միջազգային մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 26-ին Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, յաղթեց Ֆրանսան: Ֆրանսան յաղթած էր նաեւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» մրցոյթին՝ զայն տանելով Նիս:

Ըստ մրցոյթի քուէարկութեան կարգին՝ մասնակից երկիրը առցանց քուէարկութեան միջոցով կրնար ձայն տալ նաեւ իր պատուիրակին: Քուէարկութիւնը մեկնարկած էր Նոյեմբեր 24-էն jesc.tv կայքով, ուր հնարաւոր էր դիտել բոլոր  մասնակիցներու ելոյթներուն նախնական տարբերակները:

 

Քուէարկութիւնը աւարտեցաւ մրցոյթին օրը՝ համերգէն անմիջապէս առաջ: Այն վերսկսաւ մրցոյթի ընթացքին՝ բոլոր ելոյթներէն յետոյ: Քուէարկութիւնը տեւեց 15 վայրկեան: Հեռուստադիտողի քուէն վերածուեցաւ միաւորներու՝ դառնալով մրցոյթի արդիւնքին մէկ մասը, միւս մասը ձեւաւորուեցաւ դատական կազմի գնահատականի հիման վրայ:

Հայաստանի պատուիրակ «Yan Girls» խումբը «Do It My Way» երգով գրաւեց  երրորդ դիրքը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment